2016-03-21 10:18:00

Նովրուզը` ընտանիքներու եւ սերունդներու միջեւ խաղաղութեան եւ զօրակցութեան զարգացումի օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Նովրուզի տօնը կը նշուի գարնան առաջին օրը եւ կը յատկանշէ` ընտանիքներու եւ սերունդներու միջեւ խաղաղութեան եւ զօրակցութեան զարգացումը։

Տօնը յատկապէս կը նշուի Աֆղանիստանի, Ալպանիայի, Ազրպէյճանի, Եուկոզլավիայի, Մակեդոնիայի, Իրանի, Խազագիստանի, Քիրկիստանի, Տաճկիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Թուրքիոյ մէջ։

Այս առթիւ Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին` մաղթելով անոնց եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին բարօրութիւն, յաջողութիւն եւ խաղաղութիւն: 








All the contents on this site are copyrighted ©.